2014-12-15 11:50:47

Ֆրանչիսկոս քահանայապետի քարոզը ` քրիստոնեաները ըլլալու են բարեգութ եւ ողորմած։


(Ռ.Վ. 15 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Ս. Պատարագին կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն որ ըլլան բարեգութ եւ ողորմած։
Ան իր պատգամին իբր նիւթ առաւ օրուան Մատթէոսի Ս. Աւետարանի ընթերցուածի դրուագը՝ ուր հրեաներու քահանայապետերը եւ երէցները Յիսուսի հարց կու տան թէ ինչ իրաւունքով կամ իշխանութեամբ կը կատարէ գործերը։ (Մտթ. ԻԱ 23-27) Անոնց սիրտը կեղծիքով լեցուն էր եւ զիրենք չէր հետաքրքրեր ճշմարտութիւնը։ Անհարդուրժող էին ուրիշներու հանդէպ, որովհետեւ օրէնքի խիստ պահպանումով կը կարծէին կատարել Աստուծոյ կամքը։
Սակայն Յիսուսի գծած ճանապարհը տարբեր է։ Յիսուս մարդոց կը մօտենայ գթառատ սրտով եւ ողորմածութեամբ։ Յիսուս իր քարոզութեան եւ իր գործերուն մէջ միշտ ցոյց կու տայ որ գթութիւնը, սէրը եւ ողորմածութիւնը էական են եւ ոչ թէ օրէնքի կարծրասիրտ պահպանումը։
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հաւատքը, որ հիմնուած է Քրիստոսի վրայ, պէտք է մեզ կազմաւորէ գթասրտութեան մէջ։ Քրիստոնեան պէտք չէ ըլլայ կարծրասիրտ, աններող եւ անհանդուրժող։
Շատ անգամ մենք մեզ իբր հաւատարիմ հաւատացեալներ կը գտնենք այնպիսի վիճակի մէջ, ուր օրէնքը կամ եկեղեցական կարգաւորում մը Աստուծոյ սէրէն, ճշմարտութենէն եւ Յիսուսի ողորմածութենէն վեր կը դասենք։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փակեց աղօթելով, որ Տէրը մեր սրտին տայ պարզութիւն եւ լուսաւորէ մեր սիրտը ճշմարտութեամբ, որպէսզի ըլլանք սիրալիր, ներող, հանդուրժող։ Որպէսզի ունենանք լայն եւ ողորմած սիրտ մարդոց հանդէպ եւ չդատապարտենք ուրիշները։ Թող Տէրը ընկերանայ մեզի մեր կեանքի ճանապարհին վրայ եւ պարգեւէ մեզի իր շնորհքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.